Ամիրբեկով. «Եւրոպան պիտի շահի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի շուտափոյթ ստորագրման պարագային»

Պաքուն յոյսով է մօտ ապագային Երեւանի հետ բանակցութիւններու եւս մէկ փուլ անցընել խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծի շուրջ։ Այս մասին Էսթոնիոյ հանրային հեռուստատեսութեան (ERR) տուած հարցազրոյցին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու հարցով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրբեկովը։

«Բանակցութիւններու հիմնական ուղղութիւնը խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրի համաձայնեցումն է», ըսած է ան։

Բացի հիմնական գիծէն, կան եւս երկուքը՝ հաղորդակցութիւններու բացում, ինչպէս նաեւ սահմանազատում՝ սահմանագծումէն յետոյ, նշած է Ամիրբեկով:

Անոր խօսքով՝ Եւրոպան պիտի շահի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի շուտափոյթ ստորագրման պարագային։ Ամիրբեկովը յաւելած է՝ եթէ եւրոպական երկրները չեն կրնար օգնել անոր մէջ, ապա Ատրպէյճանը կ’ակնկալէ, որ անոնք գոնէ անոր չեն խոչընդոտեր։

Ատրպէյճանի նախագահին ներկայացուցիչը նշած է, որ Եւրոմիութիւնը միասնական կառոյց չէ, եւ ԵՄ առանձին երկիրներու դիրքորոշումները բացասաբար կ’ազդեն Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու գործընթացին վրայ։

«Կը փափաքէի դիմել ԵՄ երկիրներուն, որպէսզի անոնք աջակցին խաղաղութեան գործընթացը աւարտին հասցնելու Ատրպէյճանի ձգտումին եւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան շուրջ համաձայնեցման։ Այդ մեզի թոյլ պիտի տայ շրջելու թշնամանքի էջը եւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի մէջ սկսելու բնական կեանք, երբ բոլոր երեք երկիրները պիտի դառնան լաւ հարեւաններ։ Եւ կը փափաքէի  խնդրել ձեռնպահ մնալ որեւէ գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան վնասել այս հեռանկարին։ Ցաւօք, Եւրոմիութիւնը լիովին միասնական կառոյց չէ, եւ մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս առանձին երկիրներու դիրքորոշումները բացասաբար կ’ազդեն Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ, արդար խաղաղութեան հասնելու գործընթացին վրայ», նշած է Ատրպէյճանի նախագահին ներկայացուցիչը։