Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման բացառիկ հնարաւորութիւն կայ։ Պրուքինկզի հիմնարկին մէջ ելոյթի ժամանակ այս մասին յայտնած է ԱՄՆ պետքարտուղար՝ Էնթընի Պլինքընը։
«Երկիրներու միջեւ խաղաղ պայմանաւորուածութիւնները իրագործելու բացառիկ հնարաւորութիւն կայ, ինչ որ պիտի դադրեցնէ տասնեակ տարիներ շարունակուող հակամարտութիւնը, եւ, կը կարծեմ, տարածաշրջանին մէջ հսկայական հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ տնտեսական կապերու, տնտեսական աճի, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, հարաւի եւ հիւսիսի երկիրներուն միջեւ կապերու հաստատման տեսանկիւնէն: Ատրպէյճանը պէտք է վճռորոշ դեր խաղայ անոր մէջ»,- նշած է Պլինքըն:
«Մենք աշխուժօրէն հետամուտ եղած ենք դիւանագիտական ճանապարհով՝ փորձելով Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը մօտեցնել խաղաղութեան համաձայնագրերուն։
Եւ ես կը կարծեմ, որ սա իսկապէս հասանելի է հիմա։ Այս մասին ես խօսած եմ ընդամէնը մօտ մէկ շաբաթ առաջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ», ըսած է ան։