Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու իրենց տուները անվտանգ վերադառնալու իրաւունքը կարեւոր է հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան վերականգնման եւ շրջանին մէջ կայունութեան համար: Այս մասին կը նշուի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ, նախագահի դեմոկրատական թեկնածու Քամալա Հարիսի Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնին առիթով ամերիկահայ հանրութեան ուղղուած յայտարարութեան մէջ:
Հարիս իր յայտարարութեան մէջ կը գրէ. «Մինչ մենք կը տօնենք այս օրը, մենք նաեւ պէտք է երբեք չմոռնանք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, երբ շուրջ 1,5 միլիոն հայեր տեղահանուեցան, սպաննուեցան եւ քշուեցան դէպի մահուան երթ:
«Ասիկա ողբերգութիւն մըն է, որ կը շարունակէ ձեւաւորել հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը: Հայ-ամերիկեան համայնքի տոկունութիւնը կը մնայ ոգեշնչման աղբիւր ամերիկեան մեր հաւաքական պատմութեան մէջ: Ես հաւատարիմ կը մնամ Հայաստանի եւ անոր դրացիներուն միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու գաղափարին` հիմնուած գերիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգանքին վրայ:
«Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու` իրենց տուները անվտանգ վերադառնալու իրաւունքը կարեւոր է հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան վերականգնման եւ շրջանին մէջ կայունութեան համար:
«Ես պիտի շարունակեմ աջակցիլ Հայաստանին ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ շրջանին մէջ կայունութեան խթանման անոր ջանքերուն մէջ:
«Հայաստանն ու անոր ժողովուրդը ունին հարուստ պատմութիւն, որ կ՛ոգեշնչէ բոլորս ձգտելու ազատութեան եւ արդարութեան: Ես հաւատարիմ կը մնամ մեր ժողովուրդներուն միջեւ կապերու խորացման եւ գործընկերութեան ամրապնդման, որ կ՛աջակցի մեր հասարակաց արժէքներուն եւ ձգտումներուն: Մենք միասին կրնանք աւելի ապահով արդար եւ ազատ աշխարհ կառուցել: Յարգանքով, փոխնախագահ Քամալա Հարիս»: