ԱՄՆ քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի անդամները առաջարկած են 100 միլիոն տոլարով աւելցնել Հայաստանին օգնութիւնը

Հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ, ԱՄՆ քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ֆրէնք Փալոնը (դեմոկրատ Նիւ Ճըրզի նահանգէն) եւ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Նիքոլ Մալիոթաքիսը (հանրապետական Նիւ Ճըրզիէն) առաջարկած են երկկուսակցական փոփոխութիւն կատարել 2025 ֆինանսական տարուայ SFOPS օրինագիծին մէջ:

Ըստ այդմ՝ անոնք առաջարկած են աւելցնել Հայաստանի Հանրապետութեան ֆինանսաւորումը 100.000.000 տոլարով Եւրոպայի, Եւրասիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ օգնութեան դաշնային հաշուի շրջանակներուն մէջ (AEECA): Այս մասին յայտնած է Ամերիկայի Հայկական Համագումարը։