Ամուլսարի հանքը շահագործող «Լիդիան Արմէնիա»  ընկերութեան 12,5 տոկոս բաժնետոմսը կ’անցնի Հայաստանի կառավարութեան

Ամուլսարի հանքավայրը շահագործող «Լիդիան Արմէնիա» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը Հայաստանի կառավարութեան նուիրաբերած է իր բաժնետոմսերուն 12,5 տոկոսը։ Կառավարութեան Յունուար 18-ի նիստին համապատասխան, նախագիծը ներկայացուց տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Անի Իսպիրեանը։

Ան յիշեցուց, որ 2023 թուականին կառավարութեան, Եւրասիական զարգացման դրամատան եւ «Լիդիան Արմէնիա» փակ բաժնետիրական ընկերութեան միջեւ կնքուած է փոխ ըմբռնման յուշագիր։ Յուշագրով նախատեսուած է դիտարկել Ամուլսարի հանքավայրի նախապատրաստական, շինարարական եւ հետագայ շահագործման աշխատանքներու շարունակման հնարաւորութիւնը։

«Ծրագրի արդիւնաւէտ իրագործման համար «Լիդիան Արմէնիա» ընկերութիւնը պարտաւորուած է ապահովել առնուազն 250 միլիոն տոլարի չափով ներդրումներ։ Շինարարութեան ընթացքում «Լիդիան Արմէնիա» ընկերութիւնը պարտաւորուած է վճարուող բնապահպանական հարկից ազդակիր համայնքներուն բնապահպանական ծրագրերու իրականացման համար մասհանումներէն բացի տրամադրել նաեւ 7 միլիոն տոլարի չափով տարեկան ֆինանսական աջակցութիւն իւրաքանչիւր 12 ամեայ ժամանակահատուածի համար։

«Յուշագրի շրջանակներուն ընկերութիւնը պարտաւորուած է նաեւ կառավարութեան նուիրատուութեամբ տրամադրել «Լիդիան Արմէնիա» ընկերութեան կանոնադրական դրամագլուխի 12,5 տոկոս բաժնետոմսերը։ Սոյն նախագծով կ’առաջարկուի ընդունիլ յուշագրէն բխող բաժնետոմսերու նուիրատուութիւնը», ըսած է Անի Իսպիրեան։

Միաժամանակ, նախագիծով կը նախատեսուի բաժնետոմսերու կառավարման լիազօրութիւնը վերապահել Տնտեսութեան նախարարութեան, եւ նշեալ նուիրատուութիւնը ընդունելու համար Տնտեսութեան նախարարութիւնը պիտի կնքէ համապատասխան պայմանագիր։