Այս տարի Երեւան քաղաքի տoնը՝ 19 Հոկտեմբերին

Երեւանը այս տարի իր տօնը պիտի նշէ 19 Հոկտեմբերին՝ տարբեր վարչական շրջաններու մէջ կազմակերպուող բազմապիսի միջոցառումներով: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնած է քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Իոսիֆ Կուբաթեանը:

«Միջոցառումները բազմաթիւ են: 12 վարչական շրջաններու մէջ պիտի ըլլան տարբեր միջոցառումներ»,-ըսած է Կուբաթեանը: Քաղաքապետարանէն միջոցառումներու վերաբերեալ այլ մանրամասներ պիտի հաղորդեն աւելի ուշ: Քաղաքի տօնի համար պիտի ծախսուի մօտ 150 միլիոն դրամ: