«Անվտանգ Հայաստան» միջազգային ցուցահանդէսը` շուտով Երեւանի մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մէջ, Օգոստոս 1-ին, տեղի ունեցած է «Անվտանգ Հայաստան» անվտանգութեան բարձր արհեստագիտութիւններու միջազգային ցուցահանդէսի համակարգման խորհուրդին նիստը, որ վարած է արտակարգ իրավիճակներու նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են ցուցահանդէսի մասնակից երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ցանկը, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական այլ հարցեր:

«Անվտանգ Հայաստան» անվտանգութեան բարձր արհեստագիտութիւններու միջազգային ցուցահանդէսի կազմակերպումը կը նախատեսուի  Սեպտեմբեր 2-4, Երեւանի մէջ:

Ցուցահանդէսին պիտի ցուցադրուին արտակարգ իրավիճակներու կանխման ու հետեւանքներու վերացման համակարգեր եւ առնչուող արհեստագիտութիւն, ինչպէս նաեւ փրկարարական եւ հրդեհային անվտանգութեան ծառայութիւններու համար նախատեսուած յատուկ սարքեր`  հիմնական արտադրողներէ: