Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան Ապրիլ 24-ի առթիւ հանդէս եկած է՝ աւանդական դարձած ուղերձով։
Ինչպէս կը յայտնէ ermenihaber-ը՝ բովանդակային առումով Էրտողանի ուղերձը էականօրէն չի տարբերիր նախորդ տարիներու ուղերձներու բնագրէն։
«Այսօր եւս մէկ անգամ յարգանքով կը յիշեմ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ծանր պայմաններուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիները եւ իմ ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ անոնց թոռներուն; կ’ողջունեմ ձեզ իմ ամենասրտանց զգացումներով, յարգանքով եւ սիրով»,- ըսուած է Էրտողանի՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեանին եւ հայ համայնքին յղած ուղերձին մէջ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, մերժելով «1915 թուականի իրադարձութիւններու մասին միակողմանի յայտարարութիւնները», որոնք, իր ձեւակերպմամբ, կը կատարուին «որոշ արմատական շրջանակները բաւարարելու համար»։
Ըստ Թուրքիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան՝ «պատմական փաստերը խեղաթիւրող այս յայտարարութիւնները կը հակասեն միջազգային իրաւունքին», կը խաթարեն երկու համայնքներուն միջեւ հաշտեցման ջանքերը եւ կը խրախուսեն արմատական խումբերը ատելութեան հիմքով յանցագործութիւններ կատարելու։