Ատրպէյճանական աղբիւրները կը հաղորդեն Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի տուած հարցազրոյցի մասին

Ատրպէյճանական «Ազ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը տեսանիւթ հրապարակած է Պաքուի բանտին մէջ ապօրինաբար պահուող Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հարցազրոյցի մասին: Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Կայանը տակաւին չի բացայայտեր հարցազրոյցի բովանդակութիւնը:

Ատրպէյճան 3 Հոկտեմբերին ձերբակալեց եւ Պաքու տեղափոխեց Արցախի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը: