Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարութիւնը կը մեկնաբանէ Ղարաբաղի մէջ Ռուս խաղաղապահներու տեղակայման ժամկէտի հարցը

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի` Ղարաբաղի մէջ գտնուելու ժամկէտը կ’աւարտի 2025 թուականին: Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէն` անդրադառնալով Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Էվտոքիմովի ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման ժամկէտին առնչուող մեկնաբանութիւններուն:

Դեսպանը «Իզվեսթիա»-ին ըսած էր, որ խաղաղապահներու տեղակայման ժամկէտին շուրջ Մոսկուայի եւ Պաքուի բանակցութիւններու հերթական փուլի օրը կ’որոշուի երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու մակարդակով:

«Անցեալ տարի շրջանին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած հակաահաբեկչական քայլերէն ետք ի յայտ եկած է կանոնաւոր հանդիպումներու եւ քննարկումներու անհրաժեշտութիւնը: Հաշուի առնելով, որ հայկական ուժերը խաղաղապահներու տեղակայման գօտիին մէջ երեք տարուան մէջ լայնածաւալ ականապատում կատարած են, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով չպայթած զինամթերքի խնդիրը, կայ այդ սպառնալիքները վերացնելու համար միացեալ խորհրդակցութիւններու կարիք», ըսած է Հաճիզատէ: