Երեքշաբթի՝ 13 Փետրուար 2024-ի առաւօտեան Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Ներքին Հանդի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Ատրպէյճանի ԶՈՒ կրակի հետեւանքով հայկական կողմը ունի 4 զոհ եւ 1 վիրաւոր: Այս մասին նշուած է Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ատրպէյճանական կողմը հաղորդագրութիւն տարածած է՝ ընդունելով, որ սադրանքին հեղինակը իր զինուորներն են:
ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը սահմանային լարուածութեան, ատրպէյճանական հերթական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ նշելով, որ սահմանային մագլցումներ ծաւալելու համար Ատրպէյճանը պատրուակներ կը փնտռէ:
Աւելի ուշ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդ բնակավայրի հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ Ատրպէյճանի ԶՈՒ կրակի հետեւանքով զոհուած զինծառայողներու անունները:
Էդուարդ Համլետի Յարութիւնեան (1974 թ.),
Գագիկ Վարազդատի Մանուկեան (1982 թ.),
Արսէն Գագիկի Համբարձումեան (1979 թ.),
Հրաչեայ Թալիշի Յովհաննիսեան (1957 թ.)։
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը վշտակցի և զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուածներու ընտանիքներու անդամներուն եւ հարազատներուն: