Ատրպէյճան կը շարունակէ նախապատրաստուիլ «Զանգեզուրի միջանցքի» բացումին:
«Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կ’աշխատի Զանգեզուրի միջանցքը շահագործման յանձնելու գծով. այս գործընթացներուն կը մասնակցի նաեւ Մաքսային պետական կոմիտէն (ՄՊԿ)։ Այժմ մենք կ’աշխատինք Զանգեզուրի միջանցքի անցակէտերուն վրայ», լրագրողներուն յայտնած է պետական մաքսային կոմիտէի նախագահ Շահին Բաղիրով, ըստ «ԱՊԱ» լրատուամիջոցի։
«Մենք միաժամանակ կ’աշխատինք նոր նախագիծերու վրայ, եւ յաջորդ փուլին կը սկսին շինարարական աշխատանքները», աւելցուցած է Բաղիրով։
«Զանգեզուրի միջանցքը» կը վերաբերի Հայաստանի տարածքով անցնող մէկ, կամ աւելի ճիշդ, երկու երթուղիի՝ երկաթուղային եւ ճանապարհային։ Երեւան կտրականապէս իր մերժումը յայտարարած է «միջանցքային տրամաբանութեան» տրամաբանութեամբ որեւէ մօտեցումի գծով եւ կը մերժէ հաղորդակցութիւններուն արտատարածքային կարգավիճակ տալու իւրաքանչիւր փորձ։