Ատրպէյճանի փոխվարչապետի գրասենեակ. «Ատրպէյճան կը պահանջէ անյապաղ ազատել իր գիւղերը»

Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանի սահմանազատման յանձնախումբերը 7 հանդիպում ունեցած են. այս փուլին յանձնախումբերու գործունէութեան ծիրին մէջ աշխատանքներ կը տարուին սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման համար անհրաժեշտ կարգաւորիչ դաշտի ստեղծման ուղղութեամբ: Այս մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած են Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի գրասենեակի մամլոյ ծառայութենէն:

Մեկնաբանութեան մէջ կ՛ըսուի. «Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը չ՛ընդունիր վերջին շրջանին հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ կառավարական աղբիւրներէ տարածուող տեղեկութիւնը, թէ Հայաստանի 31 գիւղերուն պատկանող հողերը կը գտնուին Ատրպէյճանի բռնագրաւումին տակ:

«Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը, չճանչնալով ատիկա, կը պահանջէ ազատել իր 4 բռնագրաւուած գիւղերը: Այս առնչութեամբ ատրպէյճանական կողմը անհրաժեշտ կը նկատէ նշել, որ մինչեւ պետական սահմանի սահմանազատում կատարելը, ամբողջովին անհիմն է յայտարարել, որ Հայաստանի 31 գիւղերուն պատկանող հողերը բռնագրաւուած են: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած ատրպէյճանական 4 գիւղերուն (Բաղանիս-Այրում, Ներքին Ոսկեպար, Խէյրիմլի, Կըզըլ Հաճիլի), ապա անոնց Ատրպէյճանին պատկանելիութիւնը անվիճելի է, եւ անոնք ենթակայ են անյապաղ ազատման: Սահմանազատման հոլովոյթի ծիրին մէջ պիտի լուծուի նաեւ Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած Ատրպէյճանի 4 էքսքլաւային գիւղերու (Վերին Ոսկեպար, Սոֆուլու, Բարխուդարլու, Տիգրանաշէն) ազատման հարցը», կը նշուի մեկնաբանութեան մէջ: