ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ ՈՉՆՉԱՑՈՒՑԱԾ ԵՆ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՊԱՆԹԷՈՆԸ

Ատրպէյճանը պետական մակարդակով կը շարունակէ ոչնչացնել բռնազաւթուած Արցախի մէջ գտնուող յանուն հայրենիքի նահատակուած հերոսներին նուիրուած համալիրները։ Այս մասին ահազանգած է Հայքի մշակութային մասնագէտ, ատրպէյճանագէտ Յովիկ Աւանեսով։
«Այս քաղաքականութեան հերթական թիրախը դարձաւ Ստեփանակերտի հերոսներու պանթէոնը։ Այս մասին տեղեկատուութիւնը կը տարածուի ատրպէյճանական թելեկրամ ալիքներով», նշած է ան։
Ըստ «Զինեալ հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականի Լահէյի համաձայնութեան 4-րդ յօդուածին՝ արգիլուած է մշակութային ժառանգութեան հանդէպ պղծումի, գողութեան, կողոպուտի, իւրացման, թշնամանքի եւ հաշուեյարդարի որեւէ գործողութիւն։ Լահէյի 1954 թուականի առաջին արձանագրութիւնը արգիլած է բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ոչնչացնել մշակութային կամ հոգեւոր արժէքները։
Այս փաստը անգամ մը եւս կ’ապացուցէ, որ Արցախի ամբողջ մշակութային ժառանգութիւնը կը գտնուի վտանգի տակ։