Սեպտեմբեր 11-ին Ատրպէյճան դադրեցուց Եւրոմիութեան հետ իր բանակցութիւնները եւ ջնջեց Եւրոխորհրդարանի պատուիրակութեան մը այցելութիւնը Պաքու, ուր պիտի զեկուցուէր Ատրպէյճանի ուղղուած Եւրոխորհրդարանի սեղմումները: Ատրպէյճան յայտարարեց թէ պիտի «վերանայի» ԵՄ-եան հետ իր յարաբերութիւնները:
Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ Պաքու կը մեղադրէ Եւրոխորհրդարանը «հակաատրպէյճանական եւ հակաիսլամական» դիրքորոշում մը որդեգրած ըլլալու համար, որովհետեւ օր մը առաջ Եւրոխորհրդարանը ջնջած էր ատրպէյճանցի կարգ մը քաղաքական դէմքերու, դատաւորներու եւ այլ պաշտօնակատարներու վիզաները, զանոնք ամբաստանելով քաղաքական հալածանքներ կատարած ըլլալու յանցանքով: Ատրպէյճանի Արտաքին Փոխնախարար Մամմատ Կուլիէվ յայտնած է թէ՝ «Ատրպէյճան խստիւ կը դատապարտէ Եւրոխորհրդարանի որդեգրած բանաձեւը, որ նախապաշարուած եւ կործանիչ է»: Կարգ մը ատրպէյճանցի քաղաքական դէմքեր եւ նախագահի խորհրդականներ եւս դատապարտած են նոյն բանաձեւը, յայտնելով թէ՝ «Եւրոխորհրդարանը կորսնցուցած է իրապաշտութեան զգացումը», եւ ծիծաղելի որակած են կատարուած սեղմումները: Ատրպէյճանի խորհրդարանը որոշած է Սեպտեմբեր 14-ին արտակարգ նիստ մը գումարել քննարկելու համար Եւրոխորհրդարանի բանաձեւը:
Խնդրոյ առարկայ բանաձեւը կոչ կ’ուղղէ Ատրպէյճանի՝ ազատ արձակել բոլոր քաղաքական բանտարկեալները, մարդու իրաւունքներու պաշտպան գործիչները, լրագրողները, եւ քննութիւն մը բանալ լրագրող Րասիմ Ալիէվի մահուան կապակցութեամբ: Բանաձեւը նոյնպէս կ’որոշէ կախակայել Ռազմավարական Դրացիական Համաձայնութիւնը մինչեւ որ կառավարութիւնը յստակ քայլեր առնէ մարդկային իրաւունքները յարգելու ուղղութեամբ: