Ատրպէյճան կ’ուզէ Դադիվանքի հայ հոգեւորականները փոխարինել Պաքուի ռուսական թեմի սպասաւորներով

Տեղեկութիւններ կան, որ Ատրպէյճան կ’ուզէ դիմել ռուսական կողմին, որպէսզի Դադիվանքի հայ հոգեւորականները փոխարինուին Պաքուի ռուսական թեմի հոգեւորականներով։

«Այս տեղեկութիւնները, կը կարծեմ, լիովին համահունչ են Ատրպէյճանի այսօրուան վարած քաղաքականութեան։ Իրենք ամէն ինչ կ’ընեն, որ իրենց ուզածը կեանքի կոչեն եւ մեր հոգեւորականները հանեն Դադիվանքէն։ Իրենք տեսան, որ ուտիներու այցերով ոչինչի կրնան հասնիլ եւ դիմեցին այս տարբերակին։ Բացի այն, որ պիտի հեռացնեն հայ հոգեւորականները, պիտի ըսեն նաեւ, որ ռուս խաղաղապահներու կարիք այլեւս չկայ։ Ես վստահ եմ, որ ռուս ուղղափառ եկեղեցին այդ քայլին տեղի չի տար»,- ըսած է Արցախի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան։ Ան յայտնած է նաեւ, որ կ’ընթանան բանակցութիւններ՝ հայ ուխտաւորներու մուտքը վերականգնելու համար դէպի Դադիվանք ։