Յունիս 27-ին, կառավարութեան առընթեր Քաղաքաշինութեան պետական յանձնաժողովի նախագահ Նարեկ Սարգսեան, 2016-ի պետական պիւտճէի կատարողականին մասին քննարկումներուն ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ յայտնեց, որ Երեւանի հին փողոցներու կառուցապատման ընթացքին («Հին Երեւան» նախագիծ) Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանի տունը պիտի պահպանուի: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։