Արարատ Միրզոյեան. «Անկախ բոլոր մարտահրաւէրներէն, Երեւանը հաւատարիմ է կայուն զարգացման նպատակներու խոստումին»

«Անկախ բոլոր մարտահրաւէրներէն, Հայաստանը հաւատարիմ է կայուն զարգացման նպատակներու խոստման», Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ կայուն զարգացման բարձր մակարդակի քաղաքական համագումարի նախարարական հատուածին մէջ, յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը։

«Վերջին չորս տարուան ընթացքին Հայաստանը շարքին էր այն երկիրներուն, որոնք ստիպուած էին դիմակայել բազմաթիւ ճգնաժամեր», ըսած է Արարատ Միրզոյեան` շեշտելով, որ մինչ Հայաստան կը փորձէր միւս երկիրներուն նման յաղթահարել համաշխարհային համաճարակը, անոր զուգահեռ լայնածաւալ պատերազմը, նախայարձակումը Հայաստանի դէմ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շրջափակման եւ ցեղային զտումներու պատճառով շուրջ 115 հազար հայերու ներհոսքը Հայաստանի կայուն զարգացման նպատակներու իրականացման ուղղութեամբ գործադրած ջանքերը լուրջ վտանգի տակ դրին:

«Այնուամենայնիւ, անկախ բոլոր մարտահրաւէրներէն, Հայաստանը հաւատարիմ մնաց կայուն զարգացման նպատակներու խոստումին եւ իր ժողովուրդին համար իրական փոփոխութիւններու կեանքի կոչման` կառուցելով ամուր ժողովրդավարական հաստատութիւններ, պաշտպանելով մարդու իրաւունքները եւ օրէնքի գերակայութիւնը, նպաստելով ընկերային ներառականութեանը, սեռային հաւասարութեան եւ երիտասարդութեան կարելիութիւններու խթանման», յայտարարած է Միրզոյեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը 2030 թուականի օրակարգի իրականացման եւ աւելի լաւ վերականգնելու ջանքերուն:

«Մինչ կը մօտենանք ապագայի գալիք վեհաժողովին, Հայաստանը պատրաստ է նպաստելու հեռանկարային ապագայի եւ արդիւնքներու միտուած «Ապագայի հռչակագիր»-ի ընդունման», ըսած է Միրզոյեան: