Արարատ Միրզոյեան. «Խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններուն զուգահեռ Ատրպէյճանը նոր խոչընդոտներ կը ստեղծէ՝ ձգձգելով ստորագրելը»

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն զուգահեռ Երեւանը, ցաւօք սրտի, Պաքուի կողմէ կը տեսնէ այդ գործընթացը արհեստականօրէն ձգձգելու համար ստեղծուող նորանոր խոչընդոտներ։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին Միրզոյեան յայտարարած է Վրաստանի ԱԳ նախարար Իլիա Դարչիաշվիլիի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ընթացքին։

Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն  յայտնած է վրացական կողմին Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորմանն աջակցելու համար։

«Մենք շատ կը կարեւորենք սահմանազատման գործընթացի շարունակումը ՝ Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ։ Զուգահեռ ընթանում է խաղաղութեան համաձայնագրի պատրաստումը, Հայաստան այստեղ եւս շատ կառուցողաբար տրամադրուած է։ Հայաստանի առաջարկները եւ մօտեցումները թափանցիկ են»,- ընդգծած է նախարարը՝ յայտարարելով, որ Հայաստան իրատեսական կը համարէ  մէկ ամսուայ ընթացքին կեդրոնացած աշխատանքի միջոցով աւարտել պատրաստութիւնը եւ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը Ատրպէյճանի հետ։

Միրզոյեան նորէն յայտնած է, որ այս առաջարկի շուրջ Հայաստան Ատրպէյճանէն չէ ստացած դրական արձագանք․ «Հակառակը, մենք կը տեսնենք նոր, վստահաբար կարող եմ ըսել արհեստական խոչընդոտներ կը ստեղծուեն գործընթացը երկարաձգելու համար, բայց մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ իսկապէս կայ պատմական հնարաւորութիւն տարածաշրջանի մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու համար»,- ըսած է նախարար Միրզոյեան։