Հայաստանի Հանրապետութեան արտգործնախարար Արարատ Միրզոյեանը յայտարարած է, որ չնայած առկայ բոլոր դժուար հանգամանքներուն, որոնց առերեսուած է երկիրը վերջին ժամանակաշրջանին՝ կառավարութիւնը ձեռնարկած է բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ իրականացնելու իր բարեփոխումներու օրակարգը։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ՀՀ ԱԳ նախարարը նման կարծիք յայտնած է Լիտվայի արտաքին գործերու նախարար Գաբրիելիուս Լանդսբերգիսի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ընթացքին։
«Եւ մենք ուրախ ենք, որ կարողացանք կարեւոր առաջընթաց գրանցել, բայց նաեւ գիտակցում ենք, որ այդ հնարաւոր եղաւ նաեւ մեր գործընկերներու՝ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական միութեան եւ անոր անդամ պետութիւններու՝ ներառեալ Լիտվայի շարունակական աջակցութեան շնորհիւ»,- նշեց Միրզոյեանը՝ յաւելելով, որ Հայաստանը ներկայիս կը խորացնէ գործընկերութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ՝ աշխատելով Հայաստանի դիմակայութեան բարձրացման նախագծի եւ նոր գործընկերութեան օրակարգի վրայ։