Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին «ՀՀ 2023 թուականի պետական պիւտճէի կատարման մասին» տարեկան հաշուետուութեան քննարկման՝ անդրադառնալով ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանի հարցումին պատասխանեց ըսելով. «Ե՛ւ Ատրպէյճանը, ե՛ւ Հայաստանը բարձրաձայնել են դիրքորոշում՝ համաձայն որի իւրաքանչիւրը միւսի Սահմանադրութեան մէջ էական խնդիրներ եւ խոչընդոտներ է տեսնում երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման համար: Սա ամենեւին չի նշանակում, որ, օրինակ Հայաստանում սահմանադրական փոփոխութիւնների հարցը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնների առարկայ է կամ օրակարգի մաս, այդպիսի բան չկայ»:
Ան յաւելեց՝ համոզմունք ունին, որ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի Սահմանադրութիւնը մեծ հաշուով չի կրնար խնդիր ըլլալ իրաւական առումով երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման համար:
«Հայաստան-Ատրպէյճանի բանակցութիւնների օրակարգի մաս ո՛չ մեր, ո՛չ իրենց Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները չեն կազմում»,- կրկնեց Միրզոյեանը:
Արտաքին գործերու նախարարը յիշեցուց, որ ՀՀ կառավարութիւնը Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին խօսած է դեռ 2018 թուականէն: Սա Հայաստանի գործն է, ներքին որոշելիք է:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացին վերաբերեալ հարցումին պատասխանելով, Միրզոյեան ըսաւ, որ այդ պէտք է ըլլայ միայն անխոցելի իրաւական հիմքով փաստաթուղթերու հիման վրայ, այդպէս եղած է Տաւուշի՝ արդէն իսկ սահմանազատուած հատուածին մէջ:
«Մեր միանշանակ որոշումն է, որ սահմանազատման գործընթացը պէտք է լինի միայն անխոցելի իրաւական հիմքով փաստաթղթերի հիման վրայ: Եւ այդպէս էլ եղել է այն հատուածում, որը սահմանազատուել է»,- ըսաւ Միրզոյեան:
Խօսելով Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններուն մասին, նախարարը յայտնեց որ, կան առաջնահերթութիւններ, որոնք նոր իրողութիւններով պայմանաւորուած՝ կը վերանայուին, որուն հիման վրայ կողմերը պիտի յանգին նոր փաթեթի:
«ԵՄ-ի հետ հիմա աշխատում ենք շատ»,- ըսաւ Միրզոյեան: Ան մատնանշեց երկու ուղղութիւն: Մէկը համագործակցութեան նոր առաջնահերթութիւնն է: «Ունենք առաջնահերթութիւններ, որոնք նոր իրողութիւններով պայմանաւորուած՝ վերանայում ենք եւ կը յանգենք նոր փաթեթի»,-ըսաւ արտաքին գործերու նախարարը:
Երկրորդ ուղղութիւնը Հայաստան-ԵՄ-ԱՄՆ Ապրիլ 5-ի հանդիպումէն բխող առաջնահերթութիւններու ուղղութիւնն է: «Դա պայմանականօրէն կարող ենք անուանել Հայաստանի դիմակայութեան բարձրացում: Հիմնականում այս երկու խմբերում կը տեղաւորէի մեր համագործակցութեան ներկայ ուղղութիւնները»,- ըսաւ Միրզոյեան՝ յաւելելով, որ վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան մեկնարկն ալ անոր մասն է:
Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, Միրզոյեան յայտնեց, որ կարգաւորման գործընթացին մէջ շարք մը հարցերու շուրջ բաւականին լայն փոխ ըմբռնում ունին: «Մի շարք հարցերի շուրջ ունենք բաւականին լայն փոխ ըմբռնում: Ակնյայտօրէն արդէն ժամանակն է, որ մենք տեսնենք նաեւ գետնի վրայ յստակ իրականացուող պայմանաւորուածութիւններ»,- ըսաւ Միրզոյեան: