ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանը սիրով կը հրաւիրեն մասնակցելու «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» թեմայով համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 2015 թ. Յուլիս 29-30 ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ:
Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասնագէտները, մտաւորականները կը հրաւիրենք մասնակցելու քննարկումներուն` հետեւեալ ուղղութիւններով.
- Արեւմտահայերէնի պահպանութեան, գործառութեան, ուսուցման, կանոնարկման խնդիրներ.
- Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ.
- Հայերէնի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներ:
Համաժողովին մասնակցիլ ցանկացողներուն կը խնդրենք յայտադիմումները ներկայացնել մինչեւ 2015 թ. Յուլիս 20:
Կը խնդրենք Ձեր զեկուցման դրոյթներն ու առաջարկները ուղարկել մինչեւ ս.թ. Յուլիս 25, lingvinst@sci.am էլ. փոստով:
Համաժողովի մասին տեղեկատւութիւն կրնաք ստանալ` այցելելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կայքէջեր` www.mindiaspora.am, www.hayernaysor.am եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանի կայքէջ` www.language.sci.am:
Հարցերու կամ լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք զանգահարել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեանին, հեռ` +374 010 58 56 01 (117) եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանի հայոց լեզուի պատմութեան բաժինի վարիչ, բ.գ.թ., դոցենտ Գայեանէ Մխիթարեանին, հեռախօս` +374 55 35-12-85:
ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՀ ԳԱԱ Հ. ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԼԵԶՈՒԻ ԻՆՍՏԻՏՈՒՏ