«Արմէնպրես» լրատուական գործակա

 

լութեան մարզական լրագրող Վարվառա Հայրապետեան նուաճած է Արարատի գագաթը: Ըստ Armenpress.a

m-ի՝ ամիսներու բազմաչարչար պատրաստութիւնները իրենց վերջնարդիւնք

ին հասած են Յուլիս 18-ին, երազանք դարձած գագաթին հասնելով, որմէ օրեր առաջ Վարվառան, վերելքի ճանապարհին, տօնած է իր ծննդեան 27-ամեակը: «Արարատը նուաճուած է… Չեմ գրեր, թէ ինչ դաժան, տառապալից էր ընթացքը, բայց Արարատի այս վերելքը կը նուիրուի հայրիկիս՝ Վեաչեսլաւ Հայրապետեանի յիշատակին։ Ան լեռնագնաց էր եւ ունէր մեծ երազանք՝ նուաճելու բիբլիական Արարատը»,- երազանքի իրագործումէն ետք գրած է Արարատի գագաթէն աշխարհին նայած Վարվառա Հայրապետեան:

Յատկանշական է, որ Վարվառան Արարատ բարձրացաւ այն տարին, երբ Armenpress լրատուական գործակալութիւնը կը տօնէիր հիմնադրման 100-ամեակը։Ըստ անոր՝ այս վերելքը նաեւ իր մասնագիտական ասպարէզի մէջ մեծ ներդրում ունեցած լրատուամիջոցին պատուին է:

Վարվառա Հայրապետեան արցախեան ազատամարտի մասնակիցներ Շուշանիկ Աբրահամեանի եւ լուսահոգի Վեաչեսլաւ Հայրապետեանի դուստրն է: