Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներն ու փոխ վարչապետները պիտի հանդիպին, այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Արմէն Գրիգորեան։
Ան նկատել տուաւ, որ հանդիպման օրուան, ժամուն եւ տեղին առնչուող մանրամասնութիւնները ցարդ յստակ չեն։
Գրիգորեան ըսաւ, որ խաղաղութեան պայմանագրութեան առնչութեամբ Հայաստան ստացած է Ատրպէյճանի տարբերակը, որ 4 Յունուարի պատասխանն է։
«Կը շարունակենք աշխատիլ, կը կարծեմ, որ երբ արտաքին գործոց նախարարները հանդիպին, պիտի քննարկեն խաղաղութեան պայմանագրութիւնը», յայտնեց ան։
ԱԽ քարտուղարը աւելցնելով ըսաւ, որ ցարդ յստակ չէ, թէ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպումը երկկո՞ղմ կ’ըլլայ, թէ՝ միջնորդներու մասնակցութեամբ։