Հայ Ազգային կոնգրէս կուսակցութիւնը «Ազատութեան» հրապարակին վրայ արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս-ձեռնարկ իրականացուց: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած էին արցախեան շարժման տարիներուն տեղի ունեցած բազմամարդ հանրահաւաքներու ժամանակ առնուած լուսանկարներ եւ օգտագործուած պաստառներ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են այն լոզունգներու եւ պաստառներու բնօրինակները, որոնք օգտագործուած են 1988-ին: «Փառք Աստուծոյ, եղած են մարդիկ, որոնք իրենց տան արխիւներու, իրենց կազմակերպութիւններու մէջ պահպանած են զանոնք: Մենք մեծ մասը բերած ենք Երեւանի պատմութեան թանգարանէն, որ բարեխղճօրէն հաւաքած եւ պահած է շարժման ցուցանակները: Դուք կրնաք նոյնիսկ տեսնել ցուցանակներ, որոնք լուսանկարներու մէջ եւս ներկայացուած են։ Այսպիսով` մենք փորձած ենք հնարաւորինս վերականգնել այն միջավայրը, որ կար այն ժամանակ»,- ըսած է ՀԱԿ փոխնախագահ Արամ Մանուկեան: