Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Դեկտեմբեր 27-ին, հանդիպած է զանգուածային լրատւութեան միջոցներու ներակայացուցիչներու հետ՝ ամփոփելու 2019 թուականի գործունէութեան տարին: Այս մասին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:
Անդրադառնալով անցնող տարուան տնտեսական հիմնական ցուցանիշներուն, պետական նախարարը նշած է, որ տարին կ՝եզրափակուի 9.1% տնտեսական աճով՝ ապահովելով շուրջ 341 միլիառ դրամ ՀՆԱ, որ 1 շունչի հաշուով կը կազմէ աւելի քան 4828 ԱՄՆ տոլար: Ան ընդգծած է, թէ բնակչութեան կենսամակարդակը բնորոշող այս ցուցանիշով երկիրը կը գտնուի տարածաշրջանի երկիրներու հետ գրեթէ նոյն մակարդակի վրայ: