Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կ’ողջունէ Միջազգային քրէական դատարանի առաջին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի կողմէ մեկնարկած տեղեկատուական արշաւը, որ կը կազմակերպուի ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային հռչակագրի կողմերու վեհաժողովի 29-րդ նստաշրջանին («ՔՈՓ29») ընդառաջ: Արշաւին նպատակն է բարձրաձայնել հիւրընկալող երկրի` Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու համակարգային եւ կոպիտ խախտումները: Անիկա նաեւ միտուած է միաւորելու համահայկական ու միջազգային ջանքերը Ատրպէյճանի կողմէ անօրինաբար պահուող հայ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակման համար:
2023 թուականի Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ցեղասպանութենէն եւ Արցախի ամբողջական հայաթափումէն ետք, պաքուի մէջ նման հեղինակաւոր միջոցառում կազմակերպելու միջազգային հանրութեան համաձայնութիւնը` առանց այդ պետութեան գործած յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութեան եւ անոնց հետեւանքներու վերացման օրակարգի յստակ ձեւակերպման, լրացուցիչ հիմք կը ստեղծէ Ատրպէյճանի յետագայ յարձակողապաշտ եւ անպատիժ վարքագիծին համար:
2020 թուականի Սեպտեմբերէն ի վեր, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ սանձազերծուած ցեղասպանական նախայարձակումներուն հետեւանքով ոչ միայն Արցախի ողջ ժողովուրդը բռնի տեղահանուեցաւ, այլեւ` բազմաթիւ հայեր ապօրինաբար կը պահուին Պաքուի մէջ: Անոնք կ’ենթարկուին խոշտանգումներու եւ ապօրինի դատավարութեան` առանց տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան: Այս պատանդներուն, ներառեալ` Արցախի ութ առաջնորդներուն անյապաղ հայրենադարձութիւնը Ատրպէյճանի միջազգային պարտաւորութիւնն է: Խուսափումը այդ պարտաւորութենէն պէտք է յանգեցնէ համապատասխան հետեւանքներու:
Համաշխարհային այս կարեւոր միջոցառման ընդառաջ, միջազգային հանրութեան կողմէ Ատրպէյճանի նկատմամբ վարուող քաղաքականութեան անկիւնաքարային հարցերէն պէտք է դառնայ նաեւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգ եւ արժանապատիւ հաւաքական վերադարձին հարցը: Նախքան այդ, հրատապ ուշադրութեան կարիք ունի նաեւ Արցախի ժողովուրդի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան եւ հանրային ու մասնաւոր սեփականութեան պահպանութեան հարցը` յատկապէս անոնց զանգուածային ոչնչացման դէպքերու համաթեքսթին մէջ: Յատկանշական է, որ նշուած դրոյթները յստակօրէն ամրագրուած են ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2023 թուականի Նոյեմբեր 17-ի հրամանին մէջ, ինչպէս նաեւ առանձին պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու յայտարարութիւններուն մէջ:
Հաշուի առնելով վերոգրեալը եւ գիտակցելով, որ այս թեմաները պէտք է ըլլան առաջնահերթօրէն Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ` կոչ կ’ընենք աշխարհասփիւռ հայութեան եւ Արցախի բարեկամներուն գործուն աջակցութիւն ցուցաբերելու մեկնարկած արշաւին: Կը խնդրենք կիրառել հասանելի բոլոր գործիքները արշաւի սահմանուած նպատակներուն իրագործման համար: Վստահ ենք, որ համատեղ ջանքերով կրնանք հասնիլ արդարութեան եւ ապահովել մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: