ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ԱՄՆ ՔՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Արցախի Ազգային Ժողովին կողմէ հրապարակուած է արցախահայութեան դէմ Ատրպէյճանի կիրարկած ցեղային զտումն ու զինուորական յանցագործութիւնը դատապարտող քոնկրէսականներու բանաձեւի որդեգրման ողջոյնի խօսքը.

«Կ’ողջունենք ԱՄՆ քոնկրէսականներ Աննա Էշուի եւ Քրիս Սմիթի կողմէն ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատ ներկայացուած բանաձեւը, որով առաջարկուած է պաշտօնապէս ճանչնալ Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտումները, պատասխանատուութիւն պահանջել Ատրպէյճանէն զինուորական յանցագործութիւններու համար եւ պաշտպանել արցախցիներուն՝ անվտանգ եւ ապահով վերադարձի իրաւունքը։
Կարեւոր կը համարենք այն, որ ԱՄՆ քոնկրէսականներու կողմէն ներկայացուած այս բանաձեւը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի ապօրինի շրջափակումն ու 2023 թուականի Սեպտեմբերին սանձազերծած զինուորական յարձակումը եւ ԱՄՆ նախագահին ու դաշնային համապատասխան մարմիններուն կոչ կ՚ուղղէ անյապաղօրէն գործողութիւններու ձեռնարկելու՝
• ապահովելու Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովուրդին սեփական հայրենիք ազատ եւ անվտանգ վերադառնալու հիմնարար իրաւունքը՝ անվտանգային ամուր երաշխիքներու տակ,
• պատժամիջոցներ կիրառելու զինուորական յանցագործութիւններու համար մեղաւոր ատրպէյճանական պաշտօնեաներու նկատմամբ,
• մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին՝ բռնի տեղահանուած արցախցիներուն մարդասիրական հարցերը հասցէագրելու համար,
• կասեցնելու ԱՄՆ-ի կողմէն Ատրպէյճանին տրուող զինուորական աջակցութիւնը
• քայլերու ձեռնարկելու Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներուն, Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան անյապաղօրէն ազատ արձակման եւ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ։
Լիայոյս ենք, որ քոնկրէսականներու կողմէ ներկայացուած բանաձեւը պաշտօնապէս կ’ընդունուի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ, եւ անով ներկայացուած դրոյթները կ’արտայայտուին ԱՄՆ գործադիրի կողմէ վարուող քաղաքականութեան մէջ՝ նպաստելով Հարաւային Կովկասի մէջ արդարացի եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման։

ԱՀ Ազգային Ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց
ԱՀ Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան
ԱՀ ժողովուրդի Իրաւունքներու Պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ Կարէն Պեքարեան
Յիշեցնենք, որ 28 Յունիսին ԱՄՆ Քոնկրէս ներկայացուած էր Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի բնակչութեան նկատմամբ ցեղային զտումները դատապարտող բանաձեւ: