ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ատրպէյճանի կողմէն բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքէն Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի դուրսբերման գործընթացը, որ մեկնարկեց օրերս, խիստ մտահոգիչ է ամիսներ առաջ ցեղասպանութեան իրական սպառնալիքի տակ իր հայրենիքէն տեղահանուած 150 հազար արցախցիներուն համար: Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի կողմէն ընտրուած օրինական իշխանութիւններու եւ Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն համար նախորդ ամիսներուն եղած է եւ կը շարունակէ առաջնահերթութիւն մնալ արժանապատիւ եւ հաւաքական վերադարձի հարցը, որուն մէջ անկիւնաքարային նշանակութիւն ունի մեր հիմնարար իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան երաշխաւորումը։
27 Սեպտեմբեր 2020_էն յետոյ մեր տարածաշրջանը յայտնուած է լուրջ փոփոխութեան տիրոյթի մէջ եւ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ ստեղծուած իրավիճակը որեւէ ձեւով չի երաշխաւորեր սպասուած եւ խոստացուած տեւական խաղաղութիւնը ու կայունութիւնը: Արցախի ժողովուրդը իր կամքէն անկախ յայտնուեցաւ 9 Նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու թակարդին մէջ եւ հաւատաց Ռուսիոյ Դաշնութեան բարձր ղեկավարութեան՝ իր անվտանգութիւնը ապահովելու հաւաստիացումներուն: Ստիպուած ենք ցաւով ու ափսոսանքով արձանագրել, որ Եռակողմ յայտարարութիւնը ստորագրած բոլոր կողմերուն համար Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրը դարձաւ երկրորդական նշանակութեան հարց, որուն պատճառով Սեպտեմբեր 2023-ին Արցախը ամբողջովին հայաթափուեցաւ:
Միաժամանակ, ակնյայտ է, որ Արցախի մէջ միջազգային ներկայութեան բացակայութիւնը լրացուցիչ ազատութիւն կու տայ «ամէն հայկականի» ոչնչացման եւ ընդհանրապէս հայկական հետքի վերացման քաղաքականութիւն իրականացնող Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան։ Նման իրավիճակի մէջ սպառնալիքի տակ պիտի յայտնուին հայկական հոգեւոր, մշակութային բազմադարեայ կոթողները, հայութեան սեփականութիւնն ու ազգային ունեցուածքը:
Արցախի ժողովուրդին՝ իր հազարամեայ հայրենիքին մէջ միջազգային երաշխիքներու առկայութեամբ, բոլոր իրաւունքներու ու ազատութիւններու պահպանումով անվտանգ ու ապահով ապրիլը անքակտելի իրաւունք է, եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի երեք խմբակցութիւնները մտահոգուած են, որ Արցախէն միջազգային կառոյցներու դուրսբերումը ընդհանրապէս, իսկ ռուս խաղաղապահ զօրակազմի դուրսբերումը՝ մասնաւորապէս, կը վտանգէ այդ իրաւունքը։ Միաժամանակ, կարեւոր կը համարենք ընդգծել նաեւ, որ նման որոշումներու կայացումը առանց տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդին՝ արցախահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկումներու, անընդունելի է եւ որեւէ ձեւով չի կրնար նպաստել կայուն, երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատումին ու հարցի հանգուցալուծման։
Մեկնելով վերոգրեալէն՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւնները կը յորդորեն Ռուսիոյ համապատասխան կառոյցներուն ու անոնց պատասխանատուներուն անյապաղ խորհրդատուութիւններ ու քննարկումներ սկսիլ Արցախի ժողովուրդի օրինական ընտրուած ներկայացուցիչներուն հետ՝ Արցախի Հանրապետութեան տարածքէն Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի դուրսբերման իրական պատճառներուն, անոր հետեւանքով ստեղծուած աղէտալի վիճակին, յառաջացած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման համար անհրաժեշտ ջանքեր գործադրելու մասին:

«Արդարութիւն» խմբակցութիւն
«ՀՅԴ» խմբակցութիւն
«Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն» խմբակցութիւն»

Երեւան, 19. 04. 2024 թ