Արցախի ԱԺ յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Նման որոշումներու կայացումը պիտի հանգեցնէ հիասթափութեան, որուն իբրեւ արդիւնք պիտի խթանուի արտագաղթը»

Արցախի ԱԺ-ն յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ մշակուող Արցախէն բռնի տեղահանուած հայրենակիցներու աջակցութեան ծրագիրներուն վերաբերեալ:

 

«Սոյն թուականի Փետրուար 27-ին Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեան անդրադարձած է ցեղասպանութեան եւ անոր սպառնալիքին տակ Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն համար ՀՀ կառավարութեան կողմէ առաջարկուող աջակցութեան ծրագիրներուն։

Մեր գնահատականով՝ փոխվարչապետին միջոցով արցախեան հանրութեան մատուցուող ՀՀ կառավարութեան կողմէ նախատեսուող ծրագիրները համարժէք չեն տիրող իրավիճակին: Հարկ կը համարենք շեշտելու, որ մինչ այժմ իրականացուած որեւէ ծրագիր քննարկուած է Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին կողմէ օրինական իրաւագիր ունեցող որեւէ կառոյցի, ներառեալ ժողովուրդին ուղղակի քուէով ընտրուած Ազգային ժողովին հետ։

Իսկ զանազան միջոցներով մեր կողմէ ներկայացուած առաջարկները անտեսուած են։ Յատկապէս անընդունելի է Արցախէն տեղահանուած ժողովուրդին համար բնակարաններ ստանալու վերաբերեալ դեռ քննարկուող ծրագիրը, որ, հարցի քաղաքական եւ հասարակական համակողմանի քննարկման իբրեւ արդիւնք, ակնյայտօրէն, պիտի չի բաւարարէ բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն նուազագոյն սպասելիքներն ու ակնկալիքները։

Նման որոշումներու կայացումը պիտի հանգեցնէ մեր հայրենակիցներու հիասթափութեան ու դժգոհութեան, որուն իբրեւ արդիւնք պիտի խթանուի արտագաղթը եւ բողոքներու ալիքը, պիտի խաթարուի մեզի համար օրախնդիր՝ հաւաքական վերադարձին ակնկալիքը։

Կոչ կ՝ընենք զերծ մնալու չկշռադատուած ոչ համարժէք քայլերէ։ Միաժամանակ, կը վերահաստատենք փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող խնդրայարոյց հարցերու շուրջ կառուցողական քննարկումներ իրականացնելու մեր պատրաստակամութիւնը՝ ողջախոհ, արժանապատուութիւնը չնսեմացնող որոշումներու հանգելու համար։

«Ազատ հայրենիք» խմբակցութիւն

«Միասնական հայրենիք» խմբակցութիւն

«Արդարութիւն» խմբակցութիւն

«Հ Յ Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն

«Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւն

Երեւան 28 Փետրուար 2024թ.»: