Այս կը լրանայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25-ամեակը:
Տօնին առիթով Արցախի կառավարութեան եւ «Երեւանի Արարատ քոնեակի-գինիի-օղիի գործարան»-ի ու «Ստեփանակերտի քոնեակի գործարան»-ի համագործակցութեամբ, պիտի թողարկուի տասը հազար շիշ` 25 տարեկան յոբելինական քոնեակ, իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան:
Ըստ ԼՂՀ փոխվարչապետին գրառման` վաճառքէն ստացուած ողջ հասոյթը պիտի ուղղուի ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի կարողութիւններու բարձրացման:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը անկախութեան հռչակագիրը ընդունած է 1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին` Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու համատեղ նստաշրջանի ընթացքին` ժողովրդական պատգամաւորներու կողմէ: