Հռոմի Սուրբ Թովմա Ագուինացիի անուան քահանայապետական համալսարանին մէջ, Նոյեմբեր 18-19 տեղի ունեցած է միջազգային համաժողով՝ նուիրուած Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան։ Անիկա կը կրէր «Սրբազան հողեր, ընդհանուր տեսլական» խորագիրը («Sacred Grounds, Shared Vision»): Այս մասին կը յայտնեն ՀԱՍԵ Արցախի թեմէն։
«Համաժողովը կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցչութեան եւ Անգելիկումի էկումենիկ հետազօտութիւններու ուսումնարանին կողմէ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ:
Համաժողովին իր մասնակցութիւնը բերած է Արցախի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեանը, որ իր ողջոյնի խօսքը փոխանցած է համաժողովի մասնակիցներուն։
Վրթանես Սրբազանը անդրադարձած է տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած պատերազմին եւ բռնի տեղահանութեան, որ խախտած է այն հազարամեայ ներդաշնակութիւնը, որ կը տիրէր տարածաշրջանին մէջ՝ արցախցիներու տեղաբնակութեամբ պայմանաւորուած:
Սրբազան Հայրը ժողովականներուն ներկայացուցած է, որ ներկայիս կը պղծուի եւ կ՝ոչնչացուի մեր հազարամեայ մշակոյթը, որ ստեղծուած է նուիրական հաւատքի եւ քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ` յիշեցնելով եւ կոչ ընելով, որ գիտական միտքը պիտի դառնայ գերիշխող քաղաքական մտքի նկատմամբ, որպէսզի առարկայական արդարութիւնը տեսանելի ըլլայ։
Վրթանես Սրբազանը նաեւ կոչ ըրած է քրիստոնեայ աշխարհին՝ աղօթելու եւ գործելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանման համար։
Ամփոփելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնած է համաժողովի կազմակերպիչներուն, մասնաւորաբար, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տէր Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանին, որմէ ետք ընթերցած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղերձը։
Համաժողովին ելոյթ ունեցած է Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տէր Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը: Համաժողովին ներկայ հոգեւորականները ընթերցած են Քարտինալ Գուրդ Քոխի, Քարտինալ Գլաուտիօ Կուճերոդդիի եւ Քարտինալ Խօսէ Դոլենդինօ տէ Մենտոնսայի ողջոյնի խօսքերը:
Ելոյթով հանդէս եկած են Արցախի թեմի թեմական խորհուրդի անդամ Արմինէ Ալեքսանեանը՝ «Հակամարտութեան գօտիներում մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան դիւանագիտական եւ այլ միջոցներ. ի՞նչ կարելի է անել դրանք ընդլայնելու համար» թեմայով եւ պ․գ․դ․, փրոֆ․, ԵՊՀ, ՀԱԻ Համլէթ Պետրոսեանը «Յուշարձանների ներկայիս վիճակը Արցախում» թեմայով։
Համաժողովին զեկոյցներով հանդէս եկած են նաեւ շարք մը այլ փորձագէտներ Եւրոպայէն, ԱՄՆ-էն, Հայաստանէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն»։