Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակին կոչուած Յանձնախումբը արդէն ձեւաւորուած է: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ԱՀ ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեան։
Յանձնախումբի անդամներուն առաջարկով յանձնախումբի աշխատանքներուն համակարգումը պիտի իրականացնէ ՀՀ նախկին արտաքին գործոց նախարար՝ Վարդան Օսկանեան:
Գործունէութեան մեկնարկին, Յանձնախումբի անդամներուն եւ այլ մանրամասնութիւններուն մասին պիտի տեղեկացուի լրացուցիչ՝ յառաջիկայ օրերուն:
Կ’ակնկալենք, որ արցախցիներու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ գործունէութիւն ծաւալող անհատները, խումբերն ու հաստատութիւնները պիտի համագործակցին համապատասխան լիազօրութիւն ստացած այս Յանձնախումբին հետ: