Արցախի մասին գերմանական ձայնասփիւռը. «Լ. Ղարաբաղը աւելի անվտանգ է զբօսաշրջիկներու համար, քան Պեռլինը»

Գերմանական ձայնասփիւռը անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղին: NEWS.am-ը որոշակի կրճատումներով կը ներկայացնէ այդ տեղեկագրութիւնը:

«Վարձակառքը կ’ընթանայ նեղ կանաչ հարթավայրով: Մենք կ’առաջանանք լաւ ասֆալտապատ ճանապարհով, որուն ասֆալտն ու արգելապատնէշները աւելի թարմ վիճակի մէջ են, քան Հայաստանի ազգային մայրուղիինը: Այնուհետեւ կը յայտնուի Ստեփանակերտ գրութեամբ ցուցանակը, որ կ’ազդարարէ, որ մենք հասած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք:

«Երբ քաղաքին մէջ կը զբօսնին  երիտասարդ ամուսիններու կը հանդիպինք, որոնք կը սպասեն իրենց առջին զաւակին: Հարցումին, թէ չե՞ն անհանգստանար, որ իրենց երեխան պատերազմական իրավիճակի մէջ գտնուող երկրի մէջ պիտի մեծնայ, անոնք կը պատասխանեն. «Ի հարկէ ոչ: Հնարաւոր է, որ Եւրոպայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղը զուգորդուած է հակամարտութեան եւ ճգնաժամի հետ, սակայն սա մեր հայրենիքն է, եւ մենք կ’ապրինք հոս խաղաղ: Մենք յոյս ունինք, որ մեր երեխաները նոյնպէս խաղաղութեան մէջ մեծնան»:

Ստեփանակերտի մէջ զբօսաշրջութեան  գործակալութիւններ կ’աշխատին: Ատոնցմէ մէկուն  կը հարցնեմ, թէ շահաւէ՞տ է արդեօք նման գործունէութիւն ծաւալել  վայրի մը մէջ, որ աշխարհին յայտնի է որպէս հակամարտութեան գօտի:

«Ես զբօսաշրջիկներ կը բերեմ Լեռնային Ղարաբաղ 1995-էն: Անոնց անվտանգութեան որեւէ բան երբեք չսպառնար: Լեռնային Ղարաբաղը աւելի անվտանգ է զբօսաշրջիկներու համար, քան Պեռլինը»,- կ’ըսէ գործակալութեան սեփականատէրը:

Հեղինակը յօդուածին մէջ նաեւ կ’անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հնագիտական մարգարիտին` Տիգրանակերտ քաղաքին` պատմելով անոր յայտնաբերման պատմութիւնը եւ յիշատակելով հայոց Տիգրան Մեծ թագաւորը: