Արցախի մէջ առաջին արեւային ելեկտրակայանը պիտի կառուցուի օտարերկրեայ ներդրումներով

Յառաջիկային Շուշիի շրջանի Քարին տակ համայնքին մէջ բնակելի տուները ջրատաքացման նպատակով պիտի մեկնարկէ արեւային մարտկոցներով կահաւորելու փորձնական ծրագիրը:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝  այս մասին, Յունուար 17-ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ, խօսելով Արցախի մէջ վերականգնուող, մասնաւորապէս` արեւային ուժանիւթի զարգացման մասին` ըսած է ԱՀ պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:

«Բացի Շուշիի շրջանէն, համանման ծրագիր պիտի իրականացուի նաեւ Ասկերանի շրջանին մէջ, ուր հանրային նշանակութեան շինութիւնները պիտի անցնին վերականգնուող ուժանիւթի սպառումին: Ինչպէս գիտէք, այս ծրագիրները պիտի իրականացուին նախորդ տարուան հեռուստամարաթոնի ժամանակ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հաւաքագրած միջոցներով»,- նշած է Յարութիւնեան:

Պետական նախարարին տեղեկացմամբ` նախատեսուած է նաեւ Ասկերանի շրջանի Իւանեան բնակավայրին մէջ 1 Մեկուաթ հզօրութեամբ արեւային ելեկտրակայանի կառուցում, որ պիտի կառուցուի օտարերկրեայ ներդրումային միջոցներով:

Ա. Յարութիւնեան աւելցուցած է, որ կառավարութիւնը տրամադիր է, հանրապետութեան մէջ կայացած եւ բարձր արդիւնաւէտութիւն ունեցող ջրային ուժանիւթի զուգահեռ, խթանելու նաեւ արեւային ուժանիւթի հեռանկարային ուղղութեան աստիճանական զարգացումը: