Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուան` Ապրիլ 18-ին ընդառաջ, պիտի կազմակերպուի ձեռնարկներու համալիր ծրագիր` այցելութիւններ Արցախի տեսարժան վայրեր, թեմատիկ դասախօսութիւններ, զարգացման խաղեր:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեան յայտնած է, որ արդէն մշակուած է օրուան նուիրուած ծրագիրը, որ պիտի ներառէ թէ՛ մասնագիտական փակ եւ թէ՛ հանրային ձեռնարկներ:
«Ծրագրի ծիրէն ներս դպրոցներու մէջ պիտի կազմակերպուի համապատասխան նիւթով շարադրութիւններու մրցոյթ: Պիտի ունենանք նաեւ շաբաթօրեակներ, այցելութիւններ վտանգուած յուշարձաններու տարածքներ, որոնց նպատակն է այդ յուշարձաններու հանդէպ հետաքրքուածութեան եւ ճանաչելիութեան բարձրացումը: Այս տարուան խորհուրդը կը կոչուի «Ժառանգութիւն սերունդներու համար»: Այն յուշարձանները, որոնք այսօր ունինք, ոչ թէ մեզի հասած նուէր են, որոնք պէտք է օգտագործենք, այլ` մշակութային ժառանգութիւն, որոնք պէտք է փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն»,- նշած է Ա. Գրիգորեան եւ կարեւոր համարած, որ, յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուան նուիրուած, պիտի կազմակերպուի նաեւ միջգերատեսչական հնագիտական յանձնաժողովի նիստ, որուն պիտի հրաւիրուին համապատասխան մասնագէտներ եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ` քննարկելու 2017 թուականի ընթացքին Արցախի մէջ իրականացուած հնագիտական պեղումներու արդիւնքները:
Ա. Գրիգորեանի խօսքով` Հադրութի շրջանի Տեաք գիւղին մէջ, որուն որոշ հատուածներ ճանչցուած են պատմամշակութային արգելոց, պիտի կազմակերպուի զարգացման խաղ: Պատմամշակութային յուշարձաններու այդ օրուան այցելութիւններու ցանկին մէջ աւանդաբար պիտի ընդգրկուի նաեւ Տիգրանակերտը: Ապրիլ 18-ը պիտի հռչակուի «բաց դռներու օր» Արցախի պատմամշակութային յուշարձաններ այցելել ցանկացողներու համար:
«Պիտի փորձենք ծրագիրը ժողովրդականացնել` նպատակ ունենալով ներառել Արցախի բոլոր համայնքներու յուշարձանները: Մօտակայ օրերուն պիտի հրապարակուի ձեռնարկներուն յստակ ժամանակացոյցը»,- աւելցուցած է ան: