Արցախի դաշտային հատուածին մէջ սկսած է ցորենի եւ գարիի բերքահաւաքը:
«Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան բուսաբուծութեան եւ բոյսերու պաշտպանութեան բաժնի պետ Վիլեն Աւետիսեան ըսած է, որ Յունիս 16-ի դրութեամբ` այս տարուան հունձքի ենթակայ 58048 հեկտար ցանքատարածութիւններէն հնձուած է շուրջ 6189 հա-ը։
Ընդհանուր առմամբ` հաւաքուած է 12 հազար 11,7 թոն բերք:
Ըստ հացահատիկային մշակաբոյսերու` ներկայացնելով բերքահաւաքի արդիւնքները` Վ. Աւետիսեան մասնաւորապէս ըսած է, որ հնձուած է 10 հա ցորեն եւ 6179 հա գարի: Միջին բերքատուութիւնը հեկտարէն կազմած է 25,1 կենդինար ` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 23,2 ց/հա-ի դիմաց: