Արցախի ՄԻՊ Արտակ Բեգլարեան. «Սպիտակ Խաչ եկեղեցւոյ սրբապատկերները տեղափոխուած են Ստեփանակերտ.

Արցախի Վանքասարի գագաթին գտնուող Սպիտակ Խաչ եկեղեցւոյ սրբապատկերները, քանդակները, խաչքարերը տեղափոխուած են Ստեփանակերտ: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին միջոցով, յայտնած է
Արցախի ՄԻՊ Արտակ Բեգլարեան։

«Ակնայի յանձնումէն մէկ օր առաջ՝ Նոյեմբեր 19-ին, երբ մեկնած էինք Նոր Մարաղա ու յարակից գիւղեր, մտանք նաեւ Վանքասարի գագաթին տեղակայուած Սպիտակ Խաչ եկեղեցի, հաւաքեցինք այնտեղ գտնուող բոլոր սրբապատկերները, քանդակները, խաչքարերն ու այլ քրիստոնէական իրերը եւ տեղափոխեցինք Ստեփանակերտ, որպէսզի ատրպէյճանական վանտալութեան թիրախ չդառնային:

Եկեղեցին լքելու ծանր պահուն սիրողաբար, բայց եւ սրտաբուխ երգեցի «Առաւօտ լուսոյ»-էն պատառիկ մը՝ համոզուած ըլլալով, որ օր մը լոյսը կրկին պիտի ծագի Սպիտակ Խաչի վրայ:

Իսկ այսօր լուսանկար կը յայտնուի՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէս ատրպէյճանցիները իրենց դրօշը տեղադրած են հայկական այդ եկեղեցիին վրայ: Ամէն պարագայի՝ լոյսը պիտի ծագի…»,- գրած է Արտակ Բեգլարեան: