Արցախի Հանրապետութեան նախկին իշխանութիւններուն դէմ քրէական գործերը շուտով պիտի փոխանցուին դատարան: Այս մասին բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ ըսած է Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քեամրան Ալիեւ: Անոր համաձայն, 15 մարդու վերաբերեալ քննական գործողութիւնները արդէն աւարտած են:
«Անոնց բոլոր իրաւունքները ապահովուած են ներքին օրէնսդրութեան եւ միջազգային հռչակագիրներու համապատասխան, անոնք ապահովուած են փաստաբաններով եւ թարգմանիչներով: Ներկայիս՝ մեղադրեալները, փաստաբանները եւ վնասուողները կը ծանօթանան քրէական գործերու նիւթերուն: Ծանօթացման փուլը աւարտելէ ետք մեղադրական եզրակացութիւնը պիտի ներկայացուի դատարան»,- ըսած է Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազը:
Աւարտին յիշենք, որ բռնագրաւուած Արցախի Պաքուի մէջ կալանաւորուած պահուող նախկին նախագահներու` Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի, Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարներ Լեւոն Մնացականեանի եւ Դաւիթ Մանուկեանի կալանքը երկարաձգուած էր յաւելեալ 4 ամիսով: