Ընթացիկ տարուան Յունուար-Յուլիս ամիսներուն Արցախի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է օտար զբօսաշրջիկներու 43 % աճ` 2016 թուականի համեմատ, եւ 27 % աճ` 2015-ի համեմատ:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է ԱՀ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու կառավարիչ Արտակ Գրիգորեանը:
«Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներու ծագման երկիրներու աշխարհագրութիւնը տարուէ տարի կ՝ընդլայնուի. մեր երկիրը կը հիւրընկալէ զբօսաշրջիկներու բոլոր աշխարհամասերէն, բայց Արցախի Հանրապետութիւն կ՝այցելեն, մանաւանդ, զբօսաշրջիկներ` ՌԴ-էն, ԱՄՆ-էն, Իրանէն եւ եւրոպական երկիրներէ` Ֆրանսայէն, Բրիտանիայէն, Իտալիայէն, Գերմանիայէն»,- նշած է Ա. Գրիգորեան: