Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին հանդէս եկած է ուղերձով՝ վերահաստատելով 20-րդ դարի սկիզբը իրականացուած ոճրագործութիւնը երբեք չմոռնալու խոստումը։
ԱՄՆ նախագահի ուղերձին մէջ կ’ըսուի.
«Այսօր մենք կանգ կ’առնենք՝ յիշելու Մեծ Եղեռնի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ կորսուած կեանքերն ու վերահաստատելու երբեք չմոռնալու մեր խոստումը։
«Դաժանութեան արշաւը սկսաւ 1915 թուականի Ապրիլ 24-ին, երբ օսմանեան իշխանութիւնները Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ձերբակալեցին հայ մտաւորականները եւ համայնքի ղեկավարները։ Հետագայ օրերու, ամիսներու եւ տարիներու ընթացքին 1,5 միլիոն հայեր տեղահանուեցան, կոտորուեցան կամ մահուան երթի դուրս եկան՝ ընդմիշտ կոտրուած թողելով ընտանիքներ ու յաւերժ փոխելով սերունդներ։
«Մինչ մենք կը սգանք այս ողբերգութիւնը, մենք նաեւ կը պատուենք հայ ժողովուրդին տոկունութիւնը։ Մարդկութեան պատմութեան ամենամութ գլուխներէն մէկը ապրելէ յետոյ՝ վերապրածները սկսան կառուցել աւելի լաւ ապագայ մեր աշխարհին համար։ Քաջութեամբ եւ նուիրուածութեամբ անոնք վերակառուցեցին իրենց կեանքը: Անոնք պահպանեցին իրենց մշակոյթը։ Անոնք ամրապնդեցին երկիրներու կառուցուածքը ամբողջ աշխարհի, այդ շարքին նաեւ մեր երկրին մէջ: Եւ անոնք պատմեցին իրենց պատմութիւնները՝ վստահ ըլլալու, որ 109 տարի առաջ այս օրը սկսած զանգուածային կոտորածները այլեւս երբեք պիտի չկրկնուին:
«Սա կը մնայ մեր հանդիսաւոր ուխտը։ Այսօր եւ ամէն օր Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ պաշտպանել մարդու իրաւունքները եւ հանդէս գալ ընդդէմ անհանդուրժողականութեան: Մենք ատելութեան ու սարսափին պիտի շարունակենք պատասխանել յոյսով եւ ապաքինմամբ։ Եւ մենք պիտի շարունակենք կանգնիլ բոլոր անոնց կողքին, որոնք կը փնտռեն ապագայ, ուր բոլորը կրնան ապրիլ արժանապատուութեամբ, անվտանգ եւ յարգանքով»: