Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ` Բակօ Սահակեան Փետրուար 4-ին ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը եւ փոխտնօրէն Արարատ Խլղաթեանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հիմնադրամին կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահը կարեւոր համարած է աշխատանքներու պատշաճ կատարումը` պահպանելով նախանշուած ժամկէտները: