Բացուեցաւ կառավարական նոր շէնքը, ուր պիտի տեղափոխուին հինգ նախարարութիւններ

ՀՀ  Արդարադատութեան, Արտաքին գործոց, Կրթութեան եւ գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւնները այսուհետեւ նոր շէնք կ՛ունենան: Երեւանի Վազգէն Սարգսեան 3 հասցէին մէջ կառավարական-վարչական նոր համալիրի բացումը տեղի ունեցաւ այսօր` Դեկտեմբեր 5-ին, նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ:

«Տեղաբաշխելը բարդ խնդիր էր: Սկզբում նախատեսուած էր 4 նախարարութիւն, յետոյ դարձաւ 5-ը: Այս տարածքի վրայ կազմակերպել բոլորի առանձին մուտքերը դիւրին խնդիր չէր: Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ է կառավարական շէնք կառուցւում: Շատ կարեւորուեց այն, որ շէնքի ճարտարապետութիւնը լինի այն շէնքերի նման, որ մինչեւ հիմա ունեցել ենք: Կամարի աջ եւ ձախ կողմերում զարդաքանդակներ արեցինք նոյնութեամբ, ինչպիսին կառավարութեան շէնքի զարդաքանդակներն են»,- լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան:

Նարեկ Սարգսեանի խօսքով` եթէ Կառավարութեան նախկին շէնքը, որ կը գտնուէր Հանրապետութեան հրապարակի վրայ, 14քմ. էր, ապա նոր վարչական համալիրին մէջ այսքան տարածք ունի միայն Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Arm. 14 Dec. (Nor shenk)1

Arm. 14 Dec. (Nor shenk)2Քաղաքաշինութեան նախարարին խօսքով` նախարարութիւնները նոր կառավարական շէնք պիտի տեղափոխուին մինչեւ Փետրուարի վերջը:

Համալիրի մասնաշէնքերուն ընդհանուր մակերեսը կը կազմէ 33 460 քմ.: Համալիրին կառուցման համար ծախսուած է 13. միլիառ 687 միլիոն. 288 հազար 390 ՀՀ դրամ:

Շէնքը կառուցուած է Արդարադատութեան այրուած շէնքի հողատարածքին վրայ, համալիրի կառուցապատուած տարածքը կ՛ընդգրկէ նախկին «Սեւան» հիւրանոցէն մինչեւ ՀՀ Գլխաւոր դատախազութեան շէնք եւ Վազգէն Սարգսեան փողոցէն մինչեւ Զաքեան փողոցի հատուածը:

Վարչական համալիրը բաղկացած է երկու մասնաշէնքերէ, որոնք իրարու հետ կապուած են ստորգետնեայ մէկյարկանի կայանատեղիով: Համալիրը ունի ճաշարան, հանդիսութիւններու եւ մամուլի սրահներ:

Համալիրը, որուն շինարարութիւնը սկսած է 2008-ին, նախագծած է Քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան: