ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ՇՈՒՇԻԻ ՍՈՒՐԲ ԱՄԵՆԱՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ԱՅԼԱԾՈԽՈՒԱԾ ԵՒ ՊՂԾՈՒԱԾ

Monument Watch-ը յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ ահազանգեց, որ բռնագրաւուած Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին այլափոխուած եւ պղծուած է:

Յայտարարութեան մէջ կը յիշուի

«7 Հոկտեմբեր 2024-էն ատրպէյճանական լրատուամիջոցներով եւ ընկերային ցանցերով տարածուեցան Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ «վերականգնուած» ըլլալուն մասին տեսանիւթեր, որոնք կը փաստեն, որ 19-րդ դարու եկեղեցւոյ գմբէթը այլափոխուած է. հայկական եկեղեցին շինարարական անթոյլատրելի միջամտութեամբ եւ աւերումներով դարձած է այլ կառոյց` իրենց մատնանշմամբ, ռուսական եկեղեցի:

«Յայտնենք, որ եկեղեցւոյ հարաւային շքամուտքի վերնամասը տեղադրուած վիմագրին վրայ նշուած էր, որ տաճարը կառուցուած է Շուշի քաղաքի ծխականներու հանգանակութիւններով. շինարարութիւնը սկսած է 1868 եւ աւարտած` 1887 թուականին: Եկեղեցւոյ վերաբերեալ պատմական փաստերուն առաւել մանրամասն կրնաք ծանօթանալ այս յօդուածով.

«Ճիշդ 4 տարի առաջ`44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, 8 Հոկտեմբերին, Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին 2 անգամ դիտաւորեալ թիրախաւորուեցաւ ու խախտուեցան զինեալ բախումներու ընթացքին մշակութային արժէքները չթիրախաւորելու Հաագայի (Լա Հէյի) եւ Ժընեւի սկզբունքները: Բնականաբար, այս հարուածը ապագային ունէր եկեղեցին կեղծ վերականգնումներու քօղի տակ այլափոխելու նպատակ: Եկեղեցւոյ վրայ անօրինական հարուածին մասին մանրամասն կրնաք կարդալ ստորեւ յիշեալ Ա. Տիգրանեանի «Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ թիրախաւորման դէպքի քննութիւն. պատերազմի ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջազգային սկզբունքներու դիտանկիւնէ» յօդուածով.

«Եւ փաստօրէն, հարուածէն ճիշդ 4 տարի անց, Ատրպէյճան ներկայացուց եկեղեցւոյ պղծման, այլափոխման գործողութեան արդիւնքները:

«Պատերազմէն ետք Ատրպէյճան յայտարարած էր, որ եկեղեցին պիտի բերուի իր «պատմական տեսքին», որմէ ետք ատրպէյճանական կողմը քանդեց երկթեք ճակատներէն մէկուն վրայի խաչաձեւ լուսամուտը եւ անկէ վեր գտնուող պատկերաքանդակը: Արեւմտեան ճակատի քանդակը կը ներկայացնէր «Խաչակիր Քրիստոսը» նիւթը` համապատասխան արձանագրութեամբ, որ նոյնպէս մաքրուած էր: Շինարարական աշխատանքներու սկիզբէն պարզ էր, որ անիկա նպատակ ունի աւերելու տաճարի մշակութային կարեւորութիւնը ներկայացնող մանրամասները, արձանագրութիւններն ու այլ տարրեր:

«ատրպէյճանական կեղծ վերականգնումներու մասին առաւել մանրամասն կրնաք կարդալ յիշեալ 3 յօդուածներուն մէջ. «Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ անօրինական վերականգնումները», 15 Մայիս, 2021. «Ատրպէյճան կը շարունակէ Շուշիի Ղազանչեցեցոց Սբ. Ամենափրկիչ տաճարին «վերականգնումը». «Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարի ատրպէյճանական «վերականգնման» շուրջ:

«Մեր արձագանգը «Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ անօրինական վերականգնումներով Ատրպէյճան կը խախտէ UNESCO-ի կողմէ 1994 թուականին ընդունուած Նարայի փաստաթուղթին իսկութեան սկզբունքը: Ըստ Նարայի 1994 թ. փաստաթուղթին պահպանութիւն հասկացութիւնը կ՝ենթադրէ մշակութային ժառանգութեան ընկալման, անոր պատմութեան եւ նշանակութեան գիտակցման, ժառանգութեան հանրահռչակման, անոր վերականգնման ու ամրապնդման ուղղուած գործընթացներու ամբողջութիւն: Այս պարագային ժառանգութիւնը հասկնալու մարդոց կարողութիւնը, ի թիւս այլ հանգամանքներու, կախուած է նաեւ ժառանգութեան վերաբերեալ արժանահաւատ եւ ճշմարիտ գիտելիքէ, որուն տեղեկատուական աղբիւրներուն իմացութիւնն ու ճիշդ ըմբռնումը անհրաժեշտ նախապայման են իսկութեան եւ հաւաստիութեան բոլոր կողմերը գնահատելու համար» (UNESCO, Nara Document on Authenticity, art. 9. Values and authenticity): Ուստի` մշակութային ժառանգութեան տեսակը, առանձնայատկութիւնները, նշանակութիւնը եւ պատմութիւնը հասկնալու համար անհրաժեշտ են անոր մասին տեղեկատուական վստահելի փաստեր: Ըստ այսմ` իսկութեան ընկալումը հիմնարար դերակատարութիւն ձեռք կը բերէ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան առնչուող բոլոր գործընթացներուն մէջ: Իսկ ինչ կը վերաբերի ժառանգութեան` հակամարտութիւններուն մէջ յայտնուելուն, ուստի Նարայի փաստաթուղթը կարեւոր կը համարէ մշակութային արժէքներու օրինականութեան ճանաչման խնդիրը:

«Բացի ատկէ, 2015 թ. Մայիս 22-ին Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի մշտական յանձնաժողովի ընդունած 2057-րդ բանաձեւին մէջ խորհրդարանական վեհաժողովը իր խորին մտահոգութիւնը կը յայտնէ, որ մշակոյթի, ինքնութեան եւ «ուրիշի» կանխամտածուած ոչնչացումը դարձած է արդի հակամարտութիւններու առանցքային բաղադրիչը: Եւրոխորհրդարանը կը յորդորէ պետութիւններուն քաղաքաշինական աշխատանքներու մէջ պահպանելու ժառանգութեան իսկութիւնը եւ վերականգնման ու վերակառուցման գործընթացին մէջ յարգելու պատմութեան բոլոր շերտերը` պահպանելով ժառանգութեան բնականութիւնն ու իրական բնոյթը (կէտ 4.4.6):

«2022 թ. Մարտ 10-ին Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նստաշրջանին ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունուած «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին» (N 2582) բանաձեւը կոչ ուղղած է Ատրպէյճանին բացառելու հայկական ժառանգութեան կառոյցներուն մէջ ցանկացած միջամտութիւն` պահպանելու ժառանգութեան իսկութեան սկզբունքները, իսկ վերականգնումները կատարելու այդ սկզբունքին համաձայն (European Parliament Resolution on the destruction of cultural heritage in Nagorno-Karabakh, 2022/2582(RSP), 2022)»: