Գանատայի արտաքին գործերու նախարար Մելանի Ժոլին Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափման առաջին տարելիցին առիթով հանդէս եկած է յատուկ յայտարարութեամբ։
Նախարար Ժոլիի յայտարարութեան մէջ ըսուած է․
«Անցեալ շաբաթ լրացաւ մէկ տարին, երբ Ատրպէյճանը սանձազերծեց ռազմական գործողութիւն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ դարեր շարունակ հայերով բնակեցուած տարածաշրջանին մէջ: Այս գործողութեան հետեւանքները ծանր էին, անոր հետեւանքով աւելի քան 100000 խաղաղ բնակիչներ, այդ շարքին՝ 30000 երեխայ, բռնի տեղահանուեցան Հայաստան՝ երկրին մէջ յառաջացնելով մարդասիրական կարիքներու արագ աճ։
«Ատրպէյճանի կողմէ չարդարացուած ռազմական գործողութեան նախորդած էր Լաչինի միջանցքով մարդասիրական ապրանքներու անցման իննամսեայ շրջափակումը, ինչ որ խախտած էր Արդարադատութեան միջազգային դատարանի ժամանակաւոր միջոցի կիրառման մասին որոշումը։
«Գանատան համերաշխ է այս ճգնաժամէն տուժած մարդոց հետ եւ երախտապարտ է Հայաստանին իր դռները բանալու համար։ Այդ իսկ պատճառով 2023 թուականին մենք աւելի քան 3,9 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն յատկացուցած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակէն բխող հրատապ կարիքները լուծելու համար։
«Գանատան կը շարունակէ կոչ ընել եւ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ուղղուած բովանդակալից բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ կողմերուն միջեւ երկխօսութեան եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու շարունակման՝ այս տարածաշրջանի ժողովուրդին համար արդար եւ տեւական խաղաղութեան համար:
«Գանատան բազմիցս կոչ ըրած է անվերապահօրէն ազատելու 2020թ․ ղարաբաղեան պատերազմի բոլոր հայ ռազմագերիները։ Մենք նաեւ կը շարունակենք կոչ ընել ազատ արձակելու Ատրպէյճանի կողմէ կամայականօրէն ձերբակալուած բոլոր հայերը։
«Գանադան կ’աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բանակցային քաղաքական լուծման եւ կ’աջակցի ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան յարգման սկզբունքներուն եւ ինքնորոշման իրաւունքին՝ այս տարածաշրջանի ժողովուրդին համար արդար եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու բանակցութիւններուն մէջ։ Սա պէտք է ենթադրէ հայ խաղաղ բնակիչներու վերադարձի անվտանգ եւ արժանապատիւ իրաւունքը, երաշխաւորէ մարդու իրաւունքներու եւ քաղաքացիական կենսամիջոցներու պաշտպանութիւնը եւ տարածքին մէջ հայկական մշակութային ու պատմական վայրերու պահպանումը»: