Գանատայի մէջ միջադէպ պատահած է հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ: Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը՝ Facebook-ի իր պաշտօնական էջին միջոցով տարածած է հաղորդագրութիւն, որուն մէջ մասնաւորապէս նշուած է.
«Ս.թ. Օգոստոս 1-ին, Թորոնթոյի մէջ, ժամը 22.30-ի սահմաններուն, տեղի ունեցած է միջադէպ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ: Դեսպանութիւնը խստորէն կը դատապարտէ ատրպէյճանական կողմի սադրանքներ իրականացնելու եւ միջադէպեր հրահրելու որդեգրած քաղաքականութիւնը»:
Դեսպանութիւնը կրկին կոչ կ’ընէ զգօնութիւն ցուցաբերելու եւ չտրուելու որեւէ սադրանքի: