Ուրբաթ՝ 21 Յունիս 2019-ին, Օթթաուայի մէջ, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վսեմաշուք Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեան դեսպանատան մէջ հիւրընկալեց Գանատայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը:
Ընդառաջելով դեսպանատան հրաւէրին՝ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան կը գլխաւորէր մօտ երեսուն հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շրջապատուած էր Թեմական Խորհուրդի ինչպէս նաեւ Թեմի ծուխերէն Մոնթրէալի Առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարի, Լաւալի Սուրբ խաչ եկեղեցւոյ , Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ ծուխի քահանայից դասին հետ ծխական խորհուրդներու եւ տիկնանց վարչութեանց ներկայացուցիչներով:
Այս առթիւ կազմուած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին յատկապէս, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդի , Մոնթրէալի ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան Ակումբի, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Պոլսահայ Միութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ «Ապագայ» շաբաթաթերթի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի եւ Օթթաուայի համայնքի տարբեր ներկայացուցիչներ:
Վսեմաշուք Տիկ. դեսպան Յարութիւնեան ջերմօրէն մէկ առ մէկ դիմաւորեց պատուիրակութեան անդամները ու հաղորդակից եւ գեղեցիկ ջերմ ժպիտով ներս հրաւիրեց բոլորը:
Ընդունելութեան սկզբնաւորութեան, Սրբազան հայրը, իր եւ պատուիրակութեան անունով, շնորհաւորեց եւ բարի գալուստ մաղթեց նորանշանակ դեսպանին, փոխանցելով իր հայրական օրհնութիւնները եւ լաւագոյն մաղթանքները, յայտնելով նաեւ ամբողջ գանատահայութեան զօրակցութիւնը Մայր Հայրենիքին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին. Պատասխան խօսքով Տիկ. Յարութիւնեան ներկաներուն փոխանցեց իր ուրախութիւնը եւ շնորհակալութիւն իր ուղղած հրաւէրին գաղութին կողմէ կատարուած այս ջերմ պատասխանին համար. Վսեմաշուք Դեսպանը իր խորքային, քաղցր նոյն ժամանակ լուրջ փորձառութիւն ցոլացնող խօսքերով մասնաւոր կերպով տպաւորեց ներկաները.
Ի միջի այլոց, Ան իր գոհունակութիւնը, զարմանքը եւ գնահատանքը յայտնեց Հայրենիքէն այսքան հեռաւոր ափերուն վրայ, հայախօս եւ կազմաւորուած գաղութի մը ներկայութեան համար եւ բարձր գնահատեց գանատահայ գաղութի դերակատարութիւնը եւ սատար կանգնիլը նա մանաւանդ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան աշխատանքներուն, սկսելով դեսպանատան կազմաւորման առաջին օրերէն:
Կատարուեցան բազմաթիւ պատասխան բարի գալստեան եւ շնորհաւորական սրտի խօսքեր: Գաղութի հիմնադիր եւ բազմավաստակ դէմքերէն Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան անդրադարձաւ Սփիւռք-Հայրենիք հիմնահարցերուն եւ այլ խորհրդածութեանց կարգին, անդրադառնալով Տիկ. Դեսպանին գանատահութեան նկատմամբ կատարած գնահատանքին եւ զարմանքին, շեշտեց որ այդքան ալ դիւրին չեղան իրականութիւն դարձնել այս բոլորը յարաբերաբար կարճ ժամանակի մը ընթացքին եւ նախընտրեց գաղութի ձեւաւորման եւ
նկարագրին մանրամասնութիւնները փոխանցելը ձգել յառաջիկայի հանդիպումներուն եւ աւելի պատեհ առիթի մը:
Սրբազան Հօր թոյլտուութեամբ Տէր Դաւիթ Քահանայ Մարգարեան հակիրճ կերպով սակայն տպաւորիչ ձեւով Տիկ. Դեսպանին ծանօթացուց պատուիրակութեան անդամները եւ անոնց հանգամանքները: Կատարուեցան այլ սրտի խօսքեր, ուղղուած նորանշանակ դեսպանին: ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի անունով խօսք առաւ Տիար Արթօ Մանուկեան եւ մասնաւորապէս շեշտեց, որ այս պատուիրակութիւնը կազմող մարմինները միշտ հաւատարիմ եղած են Հայրենիքին ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռին բոլոր ժամանակաշրջաններուն, անկախաբար հայրենի դրօշի գոյներէն եւ ապա շեշտեց, որ անոնք բոլորը նոյն ձեւով պիտի շարունակեն իրենց հաւատարիմ եւ անշահախնդիր կեցուածքով նեցուկ հանդիսանալ այսօրուան պետականութեան եւ համայն հայոց հայրենիքին: Ելոյթներ եւ բարի գալստեան խօսքեր եւ ժեսթեր կատարեցին, Օթթաուայէն իրաւաբան Ժան Ֆիլիփ Թաշճեան, Պոլսահայ Միութեան ատենապետ Պրն. Օսկան Հազարապետեան, Հնչակեան Կուսակցութեան անունով, Պրն. Գրիգոր Թաթուլեան, Քաղաքական Գործիչ Տիկ. Այտա Կարիպեան եւ Թէքէեանի Ատենապետ Պրն. Խաչիկ Ճիերճեան: Բազմաթիւ խօսքերուն եւ փոխանակումներուն յաջորդեց ճոխ հիւրասիրութիւնը, որմէ ետք ներկաները յաւերժացնելու համար պատմական այս գեղեցիկ առիթը տարբեր խումբերով լուսանկարուեցան վսեմաշուք շնորհալի դեսպանին հետ:
Մօտ երկու ժամ տեւող անմիջական ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած այս այցելութեան ընթացքին, վսեմաշուք դեսպանը իր պատասխան արտայայտութիւններով լայն տեղեկութիւններ տուաւ իր տեսլականին մասին եւ փափաքեցաւ, որ միշտ համագործակցութիւն ըլլայ ներկաներուն, անոնց ներկայացուցած կազմակերպութեանց, եւ դեսպանատան միջեւ:
Վերջաւորութեան Տիկ. դեսպանը անգամ մը եւս իր գնահատանքը եւ յաջողութեան մաղթանքները յայտնեց այցելու պատուիրակութեան եւ դարձեալ հանդիպելու յոյսով ներկաները հրաժեշտ տուին դեսպանին, իրենց հաստատ պատրաստակամութիւնը յայտնելով, թէ կարելի բոլոր ձեւերով օգտակար կը հանդիսանան Հայաստանի երիտասարդ եւ կորովի դեսպանին գործունէութեանց:
Վերադարձի ճամբուն , խանդավառութիւնը բարձր էր, նաեւ մանաւանդ շաբաթ մը առաջ Օթթաուայի համայնքին կողմէ իրագործուած պատմական յաջողութեան համար, ձեռք ձգելով ընդարձակ հողաշերտ մը, որ պիտի ծառայէ Օթթաուայի գաղութի մշակութային եւ հոգեւոր պահանջքներուն: Ուստի պատուիրակութիւնը փափաքեցաւ տեսնել այդ կալուածը : Ներկաներէն մեծ թիւով անհատներ հետեւեցան Սրբազան Հօր եւ այցելեցին Thunder Road-ի վրայ գտնուող լայնատարած հողաշերտը իրենց աչքերուն առջեւ տեսնելով ազգային յաջողութեանց նորանոր հորիզոններ:
Տարբեր ձեւերով 21 Յունիս 2019-ը պատուիրակութեան իւրաքանչիւր անդամին համար պատմական օր մը դարձաւ անկասկած:
Թղթակից