Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիրներ, համաձայն որոնց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ իրականացուցած նշանակալի բարեգործութեան համար՝ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի պատուաւոր նախագահ, բարերար Գաբրիէլ Չենպերճեան եւ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր Լեւոն Սարգսեան պարգեւատրուած են «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
Այս մասին կը յայտնեն Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն: