Պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն համաձայն, Նոյեմբեր 19-ի լոյս 20-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 70 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 մմ-ոց ականանետերէ (3 արկ), հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 900 կրակոց:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ, ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումներու կողմէ ձեռնարկուած համապատասխան գործողութիւններու արդիւնքով հակառակորդին կրակոցները ճնշուած է: Շփման գիծի ամբողջ երկայնքով հայ դիրքապահները կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները: