Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան լրագրողներուն յայտնած է, որ Ռուսիայէն պատուիրած ռազմամթերքը եւ սպառազինութիւնը արտադրանքի մէջ է:
«Իմ տեղեկութիւնները կը սահմանափակուին անով, որ կան որոշ ներպետական գործառոյթներ, որոնք կ՛իրականացուին: $100 միլիոնի վարկը ընթացքի մէջ է եւ վարկի ծիրէն ներս կազմակերպուած է արտադրութիւն: Կայ համագործակցային եւ գործընկերային մթնոլորտ, որ չէ փոխուած եւ չի փոխուիր արդէն տասնեակ տարիներէ ի վեր»,- նշած է նախարարը:
Աւելի առաջ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Ալեքսանտր Ֆոմինը հերքած էր այն տեղեկութիւնը, թէ Ռուսիան պիտի դադրեցնէ զէնքի մատակարարումը Հայաստանին:
Ռուսական «Քոմերսանթ» թերթը, երէկ վկայակոչելով իր աղբիւրները, գրած էր, որ Ռուսիոյ մէջ կը քննարկեն 100 միլիոն տոլարի զէնքի մատակարարումը Հայաստանին: